Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պիտի դադրեցնեն «Կրին քարտի խաղարկութեան» ծրագիրն այն պատճառով, որ Պրաունի համալսարանին մէջ հրաձգութեան մէջ կասկածուողը երկիր ժամանած է այդ ծրագիրով։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ներքին անվտանգութեան նախարար Քրիսթի Նոէմը։
«Նախագահ Թրամփի ցուցումով ես անմիջապէս կը հրամայեմ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի ծառայութեան (USCIS) կասեցնել DV1 ծրագիրը՝ ապահովելու համար, որ ամերիկացիները այլեւս չտուժեն այս վնասակար ծրագրէն»,-գրած է Նոէմը ընկերային ցանցերու էջին։
Նախարարի խօսքով՝ Պրաունի համալսարանին մէջ կրակած Քլաուտիո Նեւիս Վալենթին այդ ծրագրով Միացեալ Նահանգներ ժամանած է 2017 թուականին՝ ստանալով Կրին քարտ: