Փետրուար 24-ին տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Վարչութեան նիստ, որ վարած է Վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Այս մասին յայտնած են կուսակցութենէն։
Վարչութիւնը քննարկած եւ հաւանութեան արժանացուցած է Գէորգ Պապոյեանի թեկնածութիւնը տնտեսութեան նախարարի պաշտօնին։
Քննարկուած են շարք մը կուսակցական հարցեր։