image
Հրատապ լուրեր:

Տնտեսութեան նախարարի թեկնածուն Գէորգ Պապոյեանն է․ ՔՊ-ն հաւանութեան արժանացուցած է

Տնտեսութեան նախարարի թեկնածուն Գէորգ Պապոյեանն է․ ՔՊ-ն հաւանութեան արժանացուցած է

Փետրուար 24-ին տեղի ունեցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Վարչութեան նիստ, որ վարած է Վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Այս մասին յայտնած են կուսակցութենէն։

Վարչութիւնը քննարկած եւ հաւանութեան արժանացուցած է Գէորգ Պապոյեանի թեկնածութիւնը տնտեսութեան նախարարի պաշտօնին։

Քննարկուած են շարք մը կուսակցական հարցեր։