image

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի 6 թեկնածուներ ձերբակալուեցան

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի 6 թեկնածուներ ձերբակալուեցան

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի 6 թեկնածուի նկատմամբ կայացուած է ձերբակալելու որոշում։

ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան ընդհանուր բնոյթի եւ ընտրական յանցագործութիւններու քննութեան վարչութեան մէջ՝ բազմաթիւ անձեր նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման վերաբերեալ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին «Ուժեղ Հայաստան»-ի պատգամաւորի թեկնածուներէն 6-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 46-236-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 296-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտով:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն՝ յայտնելով, որ այդ անձինք են Հայկ Աւագեանը, Սասուն Բադոյեանը, Արթուր Աբրահամեանը, Վահէ Թաւաքալեանը, Վահէ Եղիազարեանը, Աշոտ Սահակեանը։

Վերջիններուս վերաբերեալ կայացուած են ձերբակալման որոշումներ, որոնց կատարումը յանձնարարուած է ՆԳՆ ոստիկանութեան:

Քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը կը շարունակուի: