image
Հրատապ լուրեր:

ՔՊ-ն մերժեց քաղբանտարկեալներու վերաբերեալ ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը

ՔՊ-ն մերժեց քաղբանտարկեալներու վերաբերեալ ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը

52 դէմ, 21 կողմ ձայներով «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը մերժեց «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած «ՀՀ-ի մէջ առկայ քաղբանտարկեալներու եւ անոնց խախտուած իրաւունքներու վերականգման մասին» յայտարարութեան նախագիծը ներառել Ազգային Ժողովի նստաշրջանի օրակարգ։

Աւելի վաղ Ազգային Ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ձայներով բացասական եզրակացութիւն տուած էր «Հայաստան» խմբակցութեան նախագիծին։

Նախագիծի համաձայն՝ անազատութեան մէջ գտնուող հոգեւորականները, որոշ քաղաքական-հասարակական գործիչներ ու զինուորականներ պէտք է ճանչցուին քաղբանտարկեալներ:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էլինար Վարդանեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ կան քաղբանտարկեալներ. անոնք կը համապատասխանեն ԵԽԽՎ 2012 թուականի 1900 բանաձեւով նախատեսուած չափանիշերուն: