Հալէպի հայկական շրջանակներուն մէջ ցաւալի լուր տարածուած է։
Սրտի կաթուածի հետեւանքով մահացած է 11-ամեայ պատանի՝ Սեւակ Գալայճեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Պատանին մահացած է Պէյրութի մէջ եւ հողին յանձնուած այնտեղ։
Կը հաղորդուի, որ պատանի Սեւակ եղած է Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ վարժարանի սան եւ ան ունեցած է առողջական բարդութիւններ, իսկ փոքրիկի մահուան պատճառը եղած է սրտի կաթուածը։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալի հոգիին համար տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցիին ներս։