Զօրավար-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեանի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 3-րդ մասով։
Այս մասին իր դիմատետրեան էջին յայտնած է փաստաբան Վարազդատ Յարութիւնեանը։
«Չնայած գեներալի անցած ուղուն, վաստակին, մարտական գործուղութիւնների արդիւնքում ստացուած հաշմանդամութեանը եւ մի շարք այլ հանգամանքների, այնուամենայնիւ քննիչի կողմից դատարան է ներկայացուել Տիրան Խաչատրեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու միջնորդութիւն։
Միջնորդութիւնը մակագրուել է Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր՝ Գագիկ Պօղոսեանին (Կեդրոն նստավայր)։
Միջնորդութեան քննութեան ժամը յստակեցուելուց յետոյ լրացուցիչ կը տեղեկացնենք»,- գրած է Յարութիւնեանը։
Յիշեցնենք, որ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանն կ՚անցնի Արամուս գիւղի տարածքին մէջ գործող հացատան բակի մէջ տեղի ունեցած միջադէպի գործով։
Յունուար 11-ին Կոտայքի մարզի «էրիկի մօտ» ճաշարանին մէջ կրակոցներ արձակուած էին: Կասկածեալը ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ, զօրավար-մայոր Տիրան Խաչատրեանն է:
Անոր ոստիկանները յայտնաբերած են Ջրվէժի մէջ յայտնի «Ժպիտ» հիւրանոցային համալիրէն, ապա բերման ենթարկած ոստիկանութեան Կոտայքի բաժին:
Անոր մօտ այդ պահին եղած է նաեւ իր անուամբ հաշուառուած ատրճանակը, եւ կ՚ենթադրուի, որ ատով ալ ան կրակոց արձակած է: