image

ՏԻՄ Ընտրութիւններ. Բերդի մէջ յաղթած է կալանքի տակ գտնուող եւ գործող համայնքապետը

ՏԻՄ  Ընտրութիւններ. Բերդի մէջ յաղթած է կալանքի տակ գտնուող եւ  գործող համայնքապետը

Բերդ խոշորացուած համայնքին մէջ յաղթած է գործող համայնքապետ Յարութիւն Մանուչարեանը, որ շուրջ 11 ամիս է` ազատազրկուած է: Այս մասին յայտնած է «Ռեֆորմիստներ» կուսակցութեան ղեկավար Վահան Բաբայեանը:

«Նախնական տուեալներով 51 տոկոսով առաջատար է Յարութիւն Մանուչարեանը` «Զօրաւոր համայնք»-ի առաջին համարը»,-ըսած է ան:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը Նորաշէն, Չինչին, Վարագաւան եւ Տաւուշ բնակավայրերուն մէջ յաղթած է «Զօրաւոր համայնք» դաշինքին, միւս՝ 11 գիւղերուն եւ Բերք քաղաքին մէջ յաղթած է «Զօրաւոր համայնքը», եւ միայն մէկ գիւղի մէջ յաղթած է «Արժանապատիւ սերունդ» դաշինքը։

«Ռեֆորմիստներ»-ը Բերդ համայնքին մէջ «Զորաւօր համայնք» դաշինքի կազմին մէջ ընդգրկուած են:

Նշենք, որ Բերդ խոշորացուած համայնքին մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած էր երեք ուժ՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը,  «Արժանապատիւ սերունդ» եւ «Զօրաւոր համայնք» դաշինքները։ Իշխանութեան մրցակիցն այս համայնքին մէջ «Զօրաւոր համայնքն» էր, որու աւագանիի ցուցակը կը գլխաւորէ շուրջ 11 ամիս կալանքի տակ գտնուող, Բերդ համայնքի ղեկավար Յարութիւն Մանուչարեանը։ Ան կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ պաշտօնէական կեղծիք կատարելու մէջ, սակայն իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չընդունիր, կը վստահեցնէ, որ ինքը քաղաքական հետապնդման կ'ենթարկուի։ Ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու՝ իշխանութիւնները Մանուչարեանը պատժած են 2021 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՔՊ–ին չաջակցելու համար։

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ 25 սեպտեմբերին, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւնները կայացան Արագածոտնի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Շիրակի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի եւ Տաւուշի մարզերու 17 համայնքի մէջ, իսկ Արագածոտնի մարզի Ալագեազ համայնքին մէջ կայացած է մեծամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ: Նշուած համայնքին մէջ ընտրած են համայնքի ղեկավար եւ աւագանիի անդամների: Այս մասին յայտնած են Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ կայացնելու համար կազմաւորուած էր ընդհանուր 314 տեղամասեր:

Առաւօտեան՝ ժամը 8.00-ին, ՀՀ ընտրական օրէնսգրքով սահմանուած կարգով բացուած են ընտրութիւններու համար ձեւաւորուած բոլոր 314 ընտրական տեղամասերը եւ ընդունած առաջին ընտրողները: ՏԻՄ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրողներու ելեկտրոնային գրանցման նպատակով օգտագործուած է 497 տեխնիկական սարքաւորում: Երեկոյեան 20։00-ին ընտրատեղամասերը փակուած են։

Ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար հաւատարմագրուած էր 4 տեղական հասարակական կազմակերպութիւններ (դիտոդներու ընդհանուր թիւը 210): Ընտրութիւններու եւ քուէարկութեան վերաբերեալ լուսաբանում իրականացնելու համար հաւատարմագրուած էր 17 զանգուածային լրատւութեան միջոցներու ընդհանուր թուով 182 ներկայացուցիչներ: