image

«Տիարպէքիրի մեր հայրենակիցները պահովութեան համար Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիին մէջ ապաստանած են» Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբղ. Պէսքիսիզեան.(Լուսանկարներ)

 «Տիարպէքիրի մեր հայրենակիցները պահովութեան համար Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիին մէջ ապաստանած են» Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբղ. Պէսքիսիզեան.(Լուսանկարներ)

 Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ հոգեւոր ծառայութիւն իրականացնող Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբղ. Պէսքիսիզեանի արմատները կը սերին ՝Տիգրանակերտ-Տիարպէքիրէն։

Թուրքիան ցնցած երկրաշարժին մասին լսելէ ետք հայր սուրբը կատարած է գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ ՝

 

Այսօր վաղ առաւօտեան ժամերուն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած է 6,4-7,7 ցնցումի երկրաշարժներ։ 

Երկրաշաժի հետեւանքով շատ զոհուածներ եւ վիրաւորներ կան։ 

Տիգրանակերտին մէջ ալ կարգ մը շէնքեր փուլ եկած են, անոնցմէ մէկը քրոջս ընտանիքի բնակած շէնքի յարակից շէնքն է։ 

Քրոջս ընտանիքը եւ որոշ հայ ընտանիքները ապահովութեան համար Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուին։ 

Տիրամայրը եւ Եղբայրներս, Սիլվանի մէջ էն։ 

Հետերնին խօսեցայ ամէնքը լաւ են բայց շատ ազդուած են։ 

Կ՛աղօթենք Աստուած պահապան եւ օգնական ըլլայ բոլորին եւ կը միանանք աղօթքով երկրաշաժէն զոհուածներու համար։