image

Թոյվօ Քլաարը դէպի Պոլիս

Թոյվօ Քլաարը դէպի Պոլիս

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաար թուիթըրեան իր էջով լուսանկար հրապարակած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն եւ ամփոփած ՀՀ կատարած այցը։

«Կարճ այց ունեցայ, բայց բովանդակալից հանդիպումներ եղան ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխվարչապետ՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ ՀՀ ԱԳ նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ»,–գրած է Քլաար։

Ան յայտնած է, որ այժմ կ'ուղեւորուի Թուրքիա։

Յիշեցնենք, որ մինչ Հայաստան գալը Քլաարն այցելած էր Ատրպէյճան։ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը Երեւան էր 8 դեկտեմբերին։