image

Կարեւոր է, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն կարողանայ ազատ գործել. Թոյվօ Քլաարը՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման մասին

Կարեւոր է, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն կարողանայ ազատ գործել. Թոյվօ Քլաարը՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման մասին

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն պէտք է ազատ գործէ: Այս մասին ան գրած Է իր Twitter-ի էջին՝ բաժնեկցելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի յայտարարութիւնը։

«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն հսկայական աշխատանք կը կատարէ շատ բարդ պայմաններու մէջ։ Կարեւոր է, որ անոնք կարողանան ազատ գործել: Եւրոմիութիւնը լրջօրէն կը վերաբերի անոնց նախազգուշացումներուն», - գրած է Քլաար։

Յիշեցնենք, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ հակառակ յամառ ջանքերուն, ներկայիս ի վիճակի չէ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել խաղաղ բնակչութեան Լաչինի միջանցքով կամ այլ ուղիներով, ներառեալ Աղդամը: Կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է համապատասխան որոշում կայացնողներուն թոյլ տալու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին վերսկսիլ իր էական մարդասիրական գործունէութիւնը տարածքին մէջ: