image

Կարեւոր է տարածաշրջանի բարգաւաճման համար. Քլաարը՝ Ռուբինեան–Քըլըչ հանդիպման մասին

Կարեւոր է տարածաշրջանի բարգաւաճման համար. Քլաարը՝ Ռուբինեան–Քըլըչ հանդիպման մասին

Հարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը կարեւորած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումը: Ան գրառում ըրած է X ընկերային ցանցի մէջ:

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ կապերու վերականգնումը կարեւոր տարրեր են աւելի կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի համար»,- գրած է Քլաարը: