image
Հրատապ լուրեր:

Թովիօ Քլար- Մհեր Գրիգորեան քննարկում

Թովիօ Քլար- Մհեր Գրիգորեան քննարկում

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան 18 Յունուարին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումները:

Գրիգորեան ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որուն միջոցաւ յստակօրէն կը նկարագրուին տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի եւ այլ ենթակառուցուածքային կապերու ապաշրջափակման հեռանկարը, կառուցուածքը, տրամաբանութիւնը եւ հիմնական սկզբունքները: Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ սահմանազատման (Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի) գործընթացին սկզբունքներուն եւ իրաւական հիմքերուն վերաբերող հարցեր: