image

Թուրքիոյ յայտարարութիւնները նախապայման չեն. Է.Աղաճանեան

Թուրքիոյ յայտարարութիւնները նախապայման չեն. Է.Աղաճանեան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ յայտարարութիւնները նախապայման չեն: Այս մասին 22 յուլիսին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական ​​յանձնաժողովի նախագահ, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւոր Էտուարտ Աղաճանեանը։

Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ըսած էր, որ Հայաստանը պէտք է ցուցադրէ իր ձգտումը խաղաղութեան՝ յստակ քայլեր ձեռնարկելով Զանգեզուրի նախագծի վերաբերեալ եւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելով Ատրպէյճանի հետ:

«Կարծում եմ, որ ձեր նշած յայտարարութիւնը, այնուամենայնիւ, նախապայման չէ։ Թուրքիան միշտ նոյն դիրքերից է հանդէս եկել, եւ մեզ համար, ի հարկէ, դա երբեք ընդունելի չի եղել»,-ըսած է Աղաճանեանը։

Հայկական կողմը, ինչպէս նշած է Աղաճանեանը, միշտ ըսած է, որ Անգարայի յայտարարութիւններու եւ գործողութիւններու միջեւ տարբերութիւններ կան: «Մեր նպատակներից մէկն այդ տարբերութիւնը վերացնելը կամ գոնէ նուազագոյնի հասցնելն է։ Իսկ Հայաստանի դիրքորոշումը չի փոխուել, եւ այս հարցում որեւէ նախապայման անընդունելի է»,- ընդգծած է ան։