image

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշած է Սուրիայէն զօրքերը դուրս բերելու պայմանները

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշած է Սուրիայէն զօրքերը դուրս բերելու պայմանները

Թուրքիոյ զինուած ուժերը միշտ պատրաստ են գործողութիւն իրականացնելու Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ`յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը:

Անոր խօսքով՝ նախապէս Թուրքիան ունեցած է երեք հակաահաբեկչական ջոկատ, իսկ հիմա՝ 20, եւ այժմ երկարատեւ եւ լայնածաւալ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ։

Կիւլեր նաեւ նշած է Սուրիայէն թրքական Զինուած ուժերու դուրսբերման պայմանները։

«Մեր նպատակն է Սուրիոյ մէջ հասնիլ քաղաքական լուծման՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւի հիման վրայ։ Մենք պատրաստ ենք հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ բոլոր բնակիչներուն վերաբերող Սահմանադրութեան ընդունման, ազատ ընտրութիւններու կայացման, համակողմանի կարգաւորման եւ անվտանգութեան ապահովման»,- նշած է Կիւլերը:

Թուրքիոյ ՊՆ ղեկավարի խօսքով՝ միայն այն բանէ ետք, երբ այդ բոլոր կէտերը կ՚իրականացուին, եւ Թուրքիոյ սահմաններու անվտանգութիւնն ամբողջութեամբ կ՚ապահովուի, Անգարան կը կարողանայ դիտարկել զօրքերու դուրսբերման հնարաւորութիւնը։