Թուրքիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար կրնայ դառնալ ներկայիս Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանը, իսկ ազգային պաշտպանութեան ղեկավար կրնայ նշանակուիլ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Եաշար Կիւլերը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Hürriyet» թերթը։
Թուրքիոյ նախագահը նոր կառավարութեան կազմը պիտի յայտարարէ այսօր։
«Հաքան Ֆիտանը` Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MİT) ղեկավարը, արտաքին գործոց նախարար պիտի դառնայ։ Եթէ ան նախարար չդառնայ, Իպրահիմ Քալընի անունը կը յիշատակուի որպէս MİT–ի ղեկավար։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի գլխաւորէ ԳՇ պետ, զօր. Եաշար Կիւլերը», – գրած է թղթակից Ապտուլքատիր Սելվին։
Ըստ պարբերականի` նախկին փոխվարչապետ Մեհմեթ Շիմշեքը փոխնախագահի պաշտօնի փոխարէն նախընտրած է ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը։
Նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ մէկ փոխնախագահի համակարգը կը պահպանուի նաեւ այս անգամ։