image

Թուրքիոյ «Նախարարաց խորհուրդ»ը քննարկած է հայ-ատրպէյճանեան խնդիրները

Թուրքիոյ «Նախարարաց խորհուրդ»ը  քննարկած  է հայ-ատրպէյճանեան խնդիրները

Թուրքիոյ մէջ աւարտած է նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կայացած նախարարներու խորհուրդի նիստը։

Թրքական Milliyet–ի հաղորդմամբ՝ մօտ 3.5 ժամ տեւած նիստի ժամանակ օրակարգի վրայ եղած է Թուրքիա կատարելիք Փութինի այցը,  հացահատիկի համաձայնագրի սառեցման հարցը եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։