image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ գործազրկութեան աճ նկատուած է

Թուրքիոյ մէջ գործազրկութեան աճ նկատուած է

Թուրքիոյ վիճակագրական հիմնարկի (TÜİK) հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ այս տարուայ Յուլիսին գործազրկութիւնը հասած է 12 տոկոսի: Լայն սահմանումով գործազրկութեան մակարդակը նոյնպէս բարձրացած է՝ դառնալով 23,6 տոկոս:

Ըստ այդմ՝ Թուրքիոյ մէջ 15 տարեկան եւ անկէ մեծ մարդոց մէջ գործազուրկներու թիւը Յուլիսին նախորդ ամսուայ համեմատութեամբ աճած է 506 հազարով եւ դարձած 3 միլիոն 902 հազար։

Վիճակագրական հիմնարկի տուեալներով՝ աշխատուժը Յուլիսին համեմատաբար Յունիսին աճած է 631 հազարով եւ հասած 32 միլիոն 632 հազարի։ Երիտասարդներու մէջ գործազրկութիւնը կազմած է 23,1 տոկոս։

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ Յունիսին գործազրկութիւնը եղած է 10,6 տոկոս, իսկ լայն սահմանումով գործազրկութիւնը՝ 22,4 տոկոս։

 

Լուրը՝ Ermenihaber կայքէն