image

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի՝ Տիւմոն այցելեց Պատրիարքարան

Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի՝ Տիւմոն այցելեց Պատրիարքարան

Օրերս Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Իզապէլ Տիւմոն այցելութիւն մը տուած է Պոլսոյ պատրիարքարան եւ ընդունուած Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին կողմէ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ հրապարակուած լուրը՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Ապրիլ 2024, Հինգշաբթի, ընդունեց Ֆրանսայի լիազօր դեսպան Իզապէլ Տիւմոնի այցելութիւնը։ Մեծայարգ լիազօր դեսպանը, այս քաղաքավարական այցելութեամբ ծանօթացաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին՝ Պատրիարքարանին եւ Նորին Ամենապատուութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Մտերմիկ այցելութեան աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը դեսպան Տիւմոնին նուիրեց Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած մեծածաւալ հատորներէն մին՝ ոսկերչութեան մասին, իսկ մեծայարգ հիւրը ընդունելութեան համար յայտնեց իր շնորհակալութիւնը։