image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած է Instagram-ի հասանելիութիւնը

Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած է Instagram-ի հասանելիութիւնը

Թուրքիոյ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու հաղորդակցութեան վարչութեան կայքը յայտնած է, որ այսօր առաւօտեան արգելափակուած է Instagram ընկերային կայքի հասանելիութիւնը։ Այս մասիին գրած է yenisafak.com-ը:

Որոշման կայացումէն ետք Instagram ցանց մուտք գործելն անհնար դարձած է երկրի բոլոր բնակիչներու համար։ Օգտատէրերը կը փորձեն մուտք գործել Instagram VPN-ի եւ այլ այլընտրանքային մեթոտներու միջոցով։

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին առընթեր Հաղորդակցութեան գրասենեակի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթունը յուլիս 31-ին քննադատած էր ընկերային ցանցը՝ պաղեստինեան «Համաս» շարժման ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի մահուան կապակցութեամբ օգտատէրերու ցաւակցական հաղորդագրութիւններու հրապարակումներուն «աշխուժօրէն խոչընդոտելու» համար։

Ալթուն ընկերային ցանցի գործողութիւնները որակած էր «գրաքննութեան դրսեւորում» եւ խոստացած էր պաշտպանել խօսքի ազատութիւնը՝ քայլեր ձեռնարկելով հարթակներու դէմ, որոնք բազմիցս ապացուցած են, որ  կը ծառայեն «անարդարութեան համաշխարհային շահագործող համակարգին»։