image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Հայաստանը յոյս կը կապէ Ռուսիոյ հետ

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Հայաստանը յոյս կը կապէ Ռուսիոյ հետ

Հայաստանը յոյսով է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել՝ Ռուսիոյ օգնութեամբ։ Այս մասին այսօր Վլատիվոսթոքի մէջ կայացող Արևելեան տնտեսական 7-րդ համաժողովի ամպիոնէն յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Դուք գիտէք, որ Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւն է սկսել, եւ մենք յոյս ունենք բարելաւել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ աջակցութեամբ»,- ըսած է ան։

Փաշինեան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման շուրջ աշխոյժ բանակցութիւններ կ'ընթանան նաեւ Ատրպէյճանի հետ։

«Եւ այս հարցում եւս մենք Ռուսիոյ Դաշնութեան աջակցութեան յոյսը ունենք` ոչ միայն որպէս մեր ռազմավարական դաշնակցի, այլ նաեւ որպէս Ատրպէյճանի գործընկերոջ։ Ես կը ցանկանայի ընդգծել Ռուսիոյ Դաշնութեան դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ երկրի, որը զբաղւում է Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորմամբ»,-ըսած է Փաշինեան։