Թուրքիոյ մէջ սկսած է Bloomberg-ի երկու լրագրողներու դէմ դատավարութիւնը, որոնք կը մեղադրուին երկրին մէջ «տնտեսական կայունութիւնը խափանելու» փորձի մէջ։
Խօսքը 2018 թուականի հրապարակման մը մասին է, թէ ինչպէս իշխանութիւնները եւ դրամատուները արձագանգած են երկրի մէջ ամենամեծ արժութային ցնցման 2001 թուականին։
Միւս ամբաստանեալներուն, որոնք նշուած են մեղադրական եզրակացութեան մէջ, ներկայացուած են մեղադրանքներ՝ կապուած ընկերային ցանցերու մէջ մեկնաբանութիւններու հետ, որոնք յամարուած են քննադատական Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ դրամատան հանդէպ։
Bloomberg-ի գլխաւոր խմբագիր Ճոն Միքլեթուէյթ (John Micklethwait) ըսած է. «Մենք լիովին կ'աջակցինք մեր երկու լրագրողներուն այսօրուայ լսումներուն եւ հետագայ բոլոր դատավարութիւններուն։ Անոնց ներկայացուած է մեղադրանք իրադարձութիւններու ճշգրիտ եւ առարկայական լուսաբանման համար։ Մենք կը ձգտինք մամուլի ազատութեան եւ յոյս ունինք, որ դատական իշխանութիւնը ճիշդ կը վարուի՝ արդարացնելով անոնց»։
Յաջորդ նիստը նշանակուած է 17 յունուարին։