image

Եգիպտոսի նախագահը ողջունած է Պաղեստինը ճանչնալու Ֆրանսայի մտադրութիւնը

Եգիպտոսի նախագահը ողջունած է Պաղեստինը ճանչնալու Ֆրանսայի մտադրութիւնը

Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին եւ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց ունեցած են՝ քննարկելով Կազայի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակն ու Գահիրէի միջնորդական ջանքերով հրադադարի հասնելու կարելիութիւնը։

Երկու կողմերն ալ ընդգծած են անկլաւի բնակիչներուն համարժէք մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը։

Սիսին ողջունած է Մաքրոնի վերջին յայտարարութիւնը՝ Պաղեստինի պետութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու Փարիզի մտադրութեան վերաբերեալ։ Ան նաեւ աջակցութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի միջազգային խորհրդաժողովի կայացման նախաձեռնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 28-30-ին Նիւ Եորքի մէջ։