Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր՝ 27 յուլիսին, կը նշէ Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան տօնը։ Վարդավառը Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն է։ Այն շարժական տօն է:
Տօնը կը նշուի Սուրբ Զատիկէն 98 օր յետոյ՝ 28 յունիսէն 1 օգոստոսի ժամանակամիջոցին: Տօնին պատմութիւնը կու գայ հեթանոսական ժամանակաշրջանէն, հին ժամանակ վարդավառի տօնը կը կապէին հայկական դիցարանի ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հետ: Վարդավառի տօնը կը նշուէր ժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով: Աստղիկին վարդեր կը նուիրէին, աղաւնիներ կը թռցնէին ու իրարու վրայ ջուր կը ցողէին: Ջուր ցողելու սովորոյթը պահպանուած է նաեւ մեր օրերուն: Վարդավառի խորհուրդը նաեւ եղած է ջուրի պաշտամունքը, երբ աղերսած են արգասաւորութիւնն ու պտղաբերութիւնը հովանաւորող ուժերուն:
Տօնը, սակայն, բնապաշտական ժամանակներէն է եւ հայերու ամենասիրելի տօնը եղած է: Մարդիկ Վարդավառին ուխտի գացած են սարերը, ուր գետերու, աղբիւրներու ակունքներն են: Ջուրի ակունքներու մօտ Վարդավառի տօնախմբութիւններն կատարուած են, զոհաբերութիւն եղած, խաղեր ու խրախճանք կազմակերպուած:
Վարդավառը ջուրի տօն է, եւ այդ օրը բոլորը խրախճանքէն, երգ ու պարէն բացի, նաեւ կը ջրեն իրար: Եկեղեցին սա կը բացատրէ անով, որ երբ Նոյն Արարատէն իջած է Նախիջեւան, որ իր ժառանգներու մէջ անմահ պահէ ջրհեղեղի մասին յիշատակը, կարգադրած է, որ ամէն տարի այս օրը ջրեն իրար։
Վարդավառը նաեւ բերքահաւաքի հետ կապուող առաջին տօներէն էր, որու ծէսերը մասամբ նուիրուած էին բերք ու բարին ապահովող աստուածութիւններուն: Վարդավառին սովորաբար եկեղեցւոյ նուիրաբերած են հասկեր, աղերսած որ արտերն ու այգիները զերծ մնան աղէտներէն (կարկուտէն, մորեխէն), ծառերու դալար ոստերով զարդարած են տուները, ծաղկեփունջեր նուիրած իրարու, աղաւնիներ թռցուցած, կազմակերպած են ջրախաղեր, զուարթութիւններ, խնճոյքներ: Անասնապահները ծաղիկներով զարդարած են անասուններու ճակատները եւ այլն: Շատ գաւառներու մէջ վարդավառին կրկնուած են Տեառնընդառաջի, այլուր՝ Համբարձման շարք մը արարողութիւններ, օրինակ՝ վիճակ հանելու սովորութիւնը: Որոշ տեղեր վարդավառը տօնած են հաստատուն օր (22 յուլիսէն յետոյ առաջին կիրակի օրը), այլուր՝ Ս. Զատիկէն 98 օր յետոյ: Ներկայիս վարդավառը կորսնցուցած է երբեմնի նշանակութիւնը, գիւղերու մէջ կը կազմակերպեն խնճոյքներ, զբօսանքներ:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշեցինք, Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը:
«Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, համաձայն Աւետարանի, Ս. Պետրոս, Ս. Յակոբոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներու հետ կը բարձրանայ Թաբոր լեռը`աղօթելու: Աղօթքի պահուն Յիսուս անոնց առաջեւ կը պայծառակերպուի։
Ս. Յովհան Ոսկեբերանը երեք բացատրութիւն կու տայ, թէ ինչու Տիրոջ յայտնուեցան Ս. Մովսէս եւ Ս. Եղիա մարգարեները. երկուքն ալ ունեցած են Աստուծոյ տեսիլքը՝ Մովսէսը` Սինա , իսկ Եղիան` Քորէպ լեռան վրայ: Անոնք խորհրդաբար կը ներկայացնէին կեանքը եւ մահը: Մովսէսը մահացաւ` առանց տեսնելու խոստացուած երկիրը, իսկ Եղիան կենդանի կերպով երկինք վերացաւ հրեղէն կառքով:
Ըստ qahana.am-ի՝ Յիսուսի պայծառակերպութեան ժամանակ Մովսէսի` նախանձայոյզ օրէնսդրի ու Եղիայի` երկինք տեղափոխուած նախանձախնդիր օրինապահի յայտնուիլը կը խորհրդանշէ, որ Քրիստոս է Օրէնսդիրը եւ չի դրժեր Աստուծոյ Ուխտը: Ան է Տէրը երկրի եւ երկինքի, ողջերու ու մեռեալներու, քանզի Մովսէսին մեռելներու մէջէն վեր հանեց, իսկ Եղիային`ողջերուն:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացին տօնի «Վարդավառ» անունը կը բացատրէ Յիսուսին վարդի հետ համեմատելով. ինչպէս վարդը մինչեւ բացուիլը թաքնուած է իր պատեանի մէջ եւ բացուելով` կ'երեւայ բոլորին, այնպէս ալ Յիսուս մինչեւ այլակերպութիւնը Իր մէջ կը կրէր աստուածային էութիւնը եւ պայծառակերպուելով` յայտնեց իր Աստուածութիւնը:
Վարդավառի տօնին կը նախորդէ շաբաթապահք: Իսկ յաջորդ օրը, ինչպէս տաղաւար բոլոր տօներէն ետք, Մեռելոց է. բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ննջեցեալներու հոգիներուն համար կը մատուցուի Ս. Պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգիստ:
Մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ուրախ եւ «անփորձանք» վարդավառ: