image

Զմմառու վանք. «Եկո'ւր եւ տե'ս» ամառնային հոգեւոր ճամբարի փակման հանդիսութիւնը

Զմմառու վանք. «Եկո'ւր եւ տե'ս» ամառնային հոգեւոր ճամբարի փակման հանդիսութիւնը

Օրերս, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Լիբանանի պատմական վանական համալիր՝ Զմմառու Վանքին մէջ տեղի ունեցած է ամառնային հոգեւոր ճամբարի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

«Եկուր եւ տես» ճամբարին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Զմմառու Վանքի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Նախագահութեամբ` Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի Հովանաւորութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ. Վրդ. Զահթէրեանի։ Ներկայութեամբ` Լիբանանի Կաթողիկէ կղերաց դասին, կրթական մշակներու եւ մասնակիցներու ծնողաց։

Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած` «եկո'ւր եւ տե'ս» խորագիրը կրող` ամառնային հոգեւոր ճամբարի փակման հանդիսութիւնը` տեղի ունեցաւ 11 Յուլիս 2025-ի, երեկոյեան ժամը 5-ին, վանքի նախկին դպրեվանքի մէջ։

Նախագահութեամբ` Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի Հովանաւորութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ. Վրդ. Զահթէրեանի։ Ներկայութեամբ` Լիբանանի Կաթողիկէ կղերաց դասին, կրթական մշակներու եւ մասնակիցներու ծնողաց։

Հանդիսութեան սկիզբը հնչեց` Լիբանանի, Հայաստանի եւ Զմմառու դպրեվանքի "Օն Դու Ակումբ" քայլերգերը, կատարողութեամբ` ժառանգաւորներուն եւ մասնակիցներուն, ղեկավարութեամբ` Բրշ. Տ. Նշան Սրկ. Հաննեշեանի։

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բշն. Տ. Նշան Սրկ. Հաննեշեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ դպրեվանքի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Գերյագեցած գեղարուեստական յայտագիր մը: Միջոցառման Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Վերակացու՝ Գեր. Հ. Կարապետ Վրդ. Գլընճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։

Ան նախ անդրադարձաւ` դպրեվանքի 275-ամեայ յոբելեանին, այնտեղ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ անկէ բխած արդիւնքներուն, ապա առանձնացուց "Եկո'ւր եւ տե'ս" խորագիրը կրող հոգեւոր ճամբարին գրանցած յաջողութեանը, յոյս յայտնելով, որ մասնակիցներէն ոմանք անդամակցին դպրեվանք եւ ապագային դառնան միաբաններ։

Օրուան բանախօս՝ Եղբ. Յակոբ Ժամկոչեան մանրամասնօրէն ներկայացուց դպրեվանքի հիմնադրութենէն 1750-էն ցարդ կրթօճախին մէջ այնտեղ ծաւալած հոգեւոր, ազգային, մշակութային կրթական ծրագրերը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը  արտասանեց Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի։ Մեծաւոր հայրը շեշտը դրաւ կոչումներու բացայայտման ուղղութեամբ տարուած եւ տարուելիք աշխատանքներուն վրայ։

Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ Օրհնութեամբ եւ «Տէրունական աղօթք»ով աւարտեցաւ հանդիսութիւնը։