image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան հարիւրաւոր սուրիացի վարձկան զինեալներ Նիկեր կ՚ուղարկէ

Թուրքիան  հարիւրաւոր  սուրիացի  վարձկան զինեալներ Նիկեր կ՚ուղարկէ

Ֆրանսական լրատուական գործակալութիւնը բացայայտած է, որ հարիւրաւոր սուրիացի վարձկաններ ուղարկուած են Նիկեր՝ Ափրիկէ՝ Իսթանպուլի մէջ գտնուող «Սատաթ» անվտանգութեան ընկերութեան միջոցով։

Լուրը՝ «Արեւելք» թարգմանաբար քաղած է թրքական «Զաման»էն 

Agence France Presse-ը հարցազրոյցներ ունեցած է սուրիացի վարձկաններու հետ, որոնք  Նիկեր ուղարկուած են «Սատաթ» ընկերութեան կողմէ, որ յայտնի է որպէս անվտանգութեան ընկերութիւն,  եւ որ սերտ կապեր ունի  Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հետ:

24-ամեայ սուրիացի մը՝ Նիկեր ուղարկուած հարիւրաւոր զինեալներէն մէկը, որ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով Օմար կեղծանունով զրուցած է AFP-ի հետ, ըսած է. «Սուրիայէն հեռանալու հիմնական պատճառն այն է, որ այնտեղ կեանքը դժուար է: Մենք այլ ելք չունինք, քան միանալ զինուած խումբին եւ աշխատիլ ամսական առաւելագոյնը 1500 տոլարի դիմսաց: Աշխատանքի այլ հնարաւորութիւններ չկան».

Օմար ըսած է, որ ինք 200 հոգիէ բաղկացած առաջին խումբի անդամներէն մէկն է, որոնք անցեալ օգոստոսին լքած են Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ հիւսիսային տարածքը՝ մեկնելու Նիկեր, եւ՝  իր ծննդավայրը պիտի վերադառնայ պայմանագրի աւարտէն ետք, որ վեց ամիսով երկարաձգած է։

Օմար նշած է, որ Նիկեր երթալու համար  զինք  նախ տեղափոխած են Կազիանթէպ, ապա՝ Իսթանպուլ, ռազմական օդանաւով՝ Պուրքինա Ֆասո, իսկ Պուրքինա Ֆասոյէն ցամաքային ճանապարհով տեղափոխած են հարեւան Նիկերի ճամբարներ՝ անվտանգութեան շարասիւնի ուղեկցութեամբ։

Այնտեղ երկու շաբաթ զինուորական պատրաստութիւն ստանալէ ետք Օմարին յանձնարարած են հսկել հանքի մօտ գտնուող տարածքը, որու անունը  ան չէ իմացած։ «Անոնք մեզ բաժնեցին խումբերու, մեզմէ ոմանք դարձան պահակ, ոմանք՝ մարտիկ», - ըսած է Օմար՝ աւելցնելով, որ կան նաեւ խումբեր, որոնք ուղարկուած են հարեւան երկիրներէն Թոկոյի մայրաքաղաք՝ Լոմէ՝ «Պոքո Հարամ»ի դէմ պայքարելու համար։

Ապըտ (30 տարեկան) պատմած է, որ ինքը եւ իր ընտանիքը ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները Սուրիոյ մէջ աւելի քան 10 տարի առաջ, եւ նշած՝ որ ինք մահուան վտանգի տակ գացած է Նիկեր. Ան երկու իրավիճակներու տարբերութիւնը նկարագրած է այսպէս. «Ես կը վախնամ մահէն, բայց ես կրնամ հոս եւս մեռնիլ, այն տարբերութեամբ, որ Սուրիոյ մէջ կրնամ մեռնիլ հազար դրամի համար, իսկ Նիկերի մէջ կը մեռնիլ 1500 տոլարի համար»:

Մէկ այլ 30-ամեայ սուրիացի՝ Ահմետ անունով, ըսած է, որ «Սատաթ» ընկերութիւնը ամէն ինչ կը հոգայ՝ ճանապարհորդութենէն մինչեւ կացարան:

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական խումբի ղեկավար Ռամի Ապտուլ Ռահման յայտարարած է, որ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ  Նիկերի մէջ մօտ 50 սուրիացի գրոհայիններու սպանութեան մասին, որոնցմէ շատերը սպանուած են ճիհատիստներու կողմէ եղած յարձակումներու հետեւանքով։ Ապտուլ Ռահման յայտարարած է, որ, ըստ Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կազմակերպութեան, իրենք հաստատած են միայն ինը սուրիացի գրոհայիններու սպանութիւնը, եւ որ անոնցմէ չորսի մարմիններն ուղարկուած են իրենց երկիր։

***

Agence France Presse-ը հաղորդած է, որ «Սատաթ»ը կը համարուի Անգարայի գաղտնի զէնքը Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, յիշեցնելով, որ Ուաշինկթըն մեղադրած է այս ընկերութիւնը 2020 թուականին սուրիացի զինեալներ Լիպիա ուղարկելու մէջ։

Միջազգային վերլուծաբանները նշած են, որ Անգարան սերտ յարաբերութիւններ ունի՝ հանքանիւթերով հարուստ երկրի՝ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ (2023-ի յուլիսին)  յեղաշրջման միջոցով իշխանութեան եկած՝ ռազմական վարչակարգի հետ։

Շուէտիոյ պաշտպանութեան հետազօտութիւններու գործակալութեան գիտաշխատող Կապրիէլա Քորլինկը, որ կ՚ուսումնասիրէ ծովափնեայ շրջանը, AFP-ին տուած իր գնահատականին մէջ նշած է, որ Թուրքիան վերջին տասը տարիներուն աստիճանաբար մեծցուցած է իր ազդեցութիւնը Նիկերի մէջ՝ «մարդասիրական օգնութեան, զարգացման եւ առեւտուրի» միջոցով։

Ան նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիոյ «շատ աւելի լաւ կը վերաբերին» Նիկերի մէջ, քան արեւմտեան երկիրներու մէջ, նկատի ունենալով «անոնց միջեւ քաղաքական կամ պատմական անցեալի բացակայութիւնը, եւ կրօնական պատկանելութիւնը»։