image

Թուրքիան եւ Ռուսիան անցան Ռուպլիի

Թուրքիան եւ Ռուսիան անցան Ռուպլիի

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ 5 Օգոստոսին Սոչիի մէջ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ռուպլիով երկկողմանի առեւտուրին անցնելու վերաբերեալ: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է TRT հեռուստաալիքը։

«Քանի որ մենք մեր առեւտուրը պիտի ընենք ռուպլիով, սա, ի հարկէ, լուրջ եկամուտի աղբիւր կը դառնայ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ համար։ Բացի այդ, կայ «ՄԻՐ» քարթը: Ներկայիս այն կ'ընդունուի մեր հինգ դրամատուներու կողմէն: Այս հարցով շատ լուրջ առաջխաղացումներ կան, որոնք, ի վերջոյ, պիտի բարելաւեն Ռուսիայէն ժամանած զբօսաշրջիկներու կեցութեան պայմանները։ Անոնք կրնան գնումներ կատարել, վճարել հիւրանոցներուն համար։ Այցի ընթացքին բանակցութիւններ վարած են մեր երկիրներու կեդրոնական դրամատուներու ղեկավարները»,- ըսած է Էրտողան՝ չյստակեցնելով հանդիպման օրակարգը։

Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիան եւ Ռուսիան հաստատած են երկկողմանի առեւտուրը տարեկան մինչեւ 100 միլիառ տոլարի հասցնելու ծրագիրները: