image

Թուրքիան եւ ԱՄՆ-ն համաձայնութեան եկած են հակառուսական պատժամիջոցներու նոր համակարգի շուրջ

Թուրքիան եւ ԱՄՆ-ն համաձայնութեան եկած են հակառուսական պատժամիջոցներու նոր համակարգի շուրջ

Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պայմանաւորուած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու պահպանման նոր համակարգի շուրջ, գրած է Hurriyet թերթը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։

Աղբիւրի հաղորդմամբ, Ուաշինկթըն նախկապէս անյապաղ պատժամիջոցներ կը կիրառէր թրքական ընկերութիւններու նկատմամբ, որոնք կը կասկածուէին Ռուսիոյ հետ առեւտրային գործունէութիւն իրականացնելու համար։

Այժմ, նոր պայմանաւորուածութիւններու համաձայն, ամերիկեան իշխանութիւնները նախ պիտի տեղեկացնեն Անգարային նման դէպքերու մասին եւ պիտի պահանջեն անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն։ Եթէ Թուրքիան հետաքննութիւն իրականացնէ եւ արդիւնքներու մասին տեղեկացնէ Միացեալ նահանգներուն, «անհրաժեշտութեան պարագային միջոցներ պիտի ձեռնարկուին», գրած է թերթը։