image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կը խնդրէ չեղարկել CAATSA-ի պատժամիջոցները

Թուրքիան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կը խնդրէ չեղարկել CAATSA-ի պատժամիջոցները

Թուրքիան, ամենայն հաւանականութեամբ, չի վերադառնար նոր սերունդի F-35 կործանիչի ստեղծման ծրագիրին, այդ պատճառով կոչ կ'ընէ Միացեալ Նահանգներուն վերանայելու Անգարայի նկատմամբ կիրառուած պատժամիջոցները «Contering America’s Adversaries Through Sactions Act»-ի (CAATSA, Ամերիկայի հակառակորդները պատժամիջոցներու միջոցով դիմակայելու մասին օրէնք) համաձայն: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի միջազգային հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ֆուաթ Օքթայ։

«Թուրքիան շահագրգռուած չէ վերադառնալով F-35 ծրագիրին, ուստի պէտք է վերաքննարկուին եւ չեղարկուին Անգարայի նկատմամբ կիրառուած CAATSA պատժամիջոցները՝ կապուած Ռուսիայէն S-400 զենիթահրթիռային համակարգերու ձեռքբերման հետ։

Մենք դեռ այն ժամանակ (համակարգերը գնելու ժամանակ) ըսած ենք, որ պէտք չէ շփոթել S-400-ի եւ F-35-ի դէպքերը»,- օրէնսդիրի խօսքը ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ մէջբերած է TRT հեռուստաալիքը։

Նշուած է, որ Թուրքիոյ նախկին փոխնախագահը (2018-2023) խորհրդարանական պատուիրակութեան գլխաւորութեամբ բանակցութիւններ վարած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ։

Թուրքիան նման դիրքորոշում յայտնած է մարտի վերջը Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններուն։

Թուրքիան դուրս եկած է F-35-ի մշակման ծրագիրէն 2019 թուականին՝ Ռուսիայէն S-400-ը ձեռք բերելէն յետոյ։ Թուրքիա արտադրուած են այդ կործանիչներու որոշ բաղադրիչներ, օդանաւի իրանի տարրեր եւ որոշ համակարգեր:

Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վերադարձը ծրագիրին հնարաւոր է միայն այն պարագային, եթէ ան հրաժարի S-400-էն։