Թուրքիա Քեսապ հայկական աւանի սահմանին պեթոնէ պատ հիւսած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն:Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ պեթոնէ պատրաստուած պատին բարձրութիւնը կը հասնի 3 մեթրի եւ անոր վրայ ամրացուած է 2 մեթր բարձրութիւն ունեցող փշաթել: Կը հաղորդուի նաեւ, որ «պատին» երկարութիւնը կը հասնի 12 քլմ.ի: Հակառակ անոր, որ թրքական աղբիւրներ մինչեւ այս պահը պաշտօնական բացատրութիւն չեն տուած այս արարքին համար, տեղեկութիւններ կան, որ ապահովական միտումներով կառուցուող այս «պատ»ը պիտի հասնի մինչեւ Գամիշիլի քաղաք եւ անոր կառուցման աշխատանքները պիտի տեւեն 7 ամիս: Աւելի ուշ պիտի փորձենք կապ հաստատել Քեսապի ազգային պատկան մարմիններուն հետ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կատարուածին վերաբերեալ:
Նշենք, որ մեր աղբիւրը տեսանիւթը ձեռք ձգած է Սուրիոյ պետական ուժերու կողքին կռուող NDF («Ազգային պաշտպանական շարժում» Խմբ.՝ «Արեւելք) շարժումէն: