image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին գերիներու հարցով հանդիպում

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին գերիներու  հարցով  հանդիպում

2025 թուականի փետրուար 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորած անձանց հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուած քաղաքացիներու հարցերով պետական յանձնաժողովի հանդիպումը:

Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԱԾ-ն։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են անյայտ կորսուած անձանց ճակատագրի պարզաբանման հարցերու վերաբերեալ եւ համաձայնութեան եկած, որ յանձնաժողովներու միջեւ փոխադարձ համաձայնութեամբ քննարկումները պիտի շարունակուին: