image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Ձերբակալուած են ընդդիմադիր լրագրողներ

Թուրքիա. Ձերբակալուած են  ընդդիմադիր լրագրողներ

Տիարպեքիրի հանրապետական գլխաւոր դատախազութեան կողմէ իրականացուող հետաքաննութեան շրջածիրէն ներս ոստիկանութիւնը ներխուժած եւ խուզարկութիւն իրականացուցած է քրտական «Mezopotamya Ajansı» լրատուական գործակալութեան լրագրողներ Տելալ Աքեուզի, Ֆըրաթ Ճան Արսլանի, ընդդիմադիր «T24» լրատուականի թղթակից Սիպել Եուքլերի եւ  ընդդիմադիր «Bianet» պարբերականի խմբագիր Էվրիմ Քեփենեքի տուներուն մէջ։ Վերջիններս բերման ենթարկուած են ոստիկանական բաժանմունքներ։

Այս մասին գրած է Ermeni Haber-ը, նշելով, որ Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը գրաւած է Ֆըրաթ Ճան Արսլանին պատկանող բջիջային հեռախօսն ու համակարգիչը։

Թուրքիոյ յեղափոխական աշխատանքային արհմիութիւններու համադաշնութեան (DISK) մամուլի աշխատանքային արհմութիւնը կոչ ըրած է անմիջապէս ազատ արձակելու 4 լրագրողները՝ ընդգծելով, որ «լրագրութիւնը յանցագործութիւն չէ»։

Նշենք, որ դեռ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ մեղադրանքներ առաջադրուած են լրագրողներու նկատմամբ։