image

Թուրքերը պատրաստ են ճանչնալ Խրիմի անկախութիւնը, բայց...

Թուրքերը պատրաստ են ճանչնալ Խրիմի անկախութիւնը, բայց...

Ռուսաստանը եւ Թուրքիան կրնան պայմանաւորուիլ Խրիմի կարգավիճակի հարցի շուրջ, եթէ Մոսկուան անկախ պետութիւն ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը (ՀԿԹՀ)։ Այս մասին «Լենթա.ռու»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Մալթեփէի թրքական համալսարանի փրոֆեսոր Հասան Ունալը։

Ան կոչ ըրած է Ռուսաստանին դառնալու Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան ճանաչման շարժման առաջատարը, քանի որ միաւորման պարագային Կիպրոսը կրնայ մտնել ՆԱԹՕ կազմի մէջ, որ չի համապատասխաներ Մոսկուայի շահերուն։

«Պարտադիր չէ, որ Ռուսաստանը մէկանգամէն ճանչնայ հանրապետութիւնը. բաւական է չխանգարել, որ այն ճանչնան միւս երկիրները, որոնք կը գտնուին անոր ուղեծիրին մէջ, եւ ուղղակի առեւտուր սկսին Հիւսիսային Կիպրոսի հետ»,- բացատրած է Ունալը։

Մասնագէտի խօսքով՝ այդ պարագային Թուրքիան կը հրաժարի Խրիմը Ուքրանիոյ տարածք ճանչնալու յայտարարութիւններէն, իսկ տեղի օդանաւային ընկերութիւնները կը վերսկսին ուղիղ թռիչքները դէպի թերակղզի։

Այսպիսի ծրագիրը կրնայ անիրականանալի թուիլ Խրիմի եւ Կիպրոսի հարցերով երկու երկիրներու դիրքորոշումներու պատճառով, նշած է փրոֆեսորը։ «Բայց մի մոռնաք, որ քաղաքական գործիչները կ'օգտագործեն հռետորաբանութիւնը, որ յետոյ աւելի ուժեղ դիրք զբաղցնեն բանակցութիւններու ժամանակ»,- ամփոփած է ան։