Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան կրթական ընտանիքը նոր ուսումնական տարեշրջանը սկսաւ տօնական մթնոլորտով։ Վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Վերադարձ դէպի դպրոց» առաջին փառատօնը աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն համախմբեց երաժշտութեան, խաղերու եւ ուրախ ժամանցի շուրջ։
Ստորեւ այդ մասին խմբագրութեանս յղուած հաղորդագրութիւնը՝
Նոր ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը Մեսրոպեան կրթական համայնքը դիմաւորեց բացառիկ խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Մեսրոպեան վարժարանի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով, 9 Հոկտեմբերին կազմակերպուեցաւ «Վերադարձ դէպի դպրոց» փառատօնը, որ առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00 վարժարանի շրջափակը վերածեց երաժշտութեան, զուարճանքի եւ ուրախ ժամանցի աշխոյժ կեդրոնի։
Փառատօնին ընթացքին կազմակերպուեցան զանազան խաղեր, գործեցին ուտելիքներու տաղաւարներ եւ տեղի ունեցան երաժշտական ելոյթներ։ Յայտագիրը բաժնուած էր երկու նիստերու՝ նկատի ունենալով աշակերտներուն տարբեր տարիքային խումբերն ու հետաքրքրութիւնները։
Առաջին նիստը յատկացուած էր փոքր տարիք ունեցող աշակերտներուն։ Անոնց խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ մանկական երգչուհի Լուսիկի յատուկ ելոյթով։ Անոր երգերն ու աշխոյժ ներկայութիւնը մանուկներուն պարգեւեցին անմոռանալի պահեր՝ վարժարանի մթնոլորտը լեցնելով երաժշտութեամբ, ծափահարութիւններով եւ վարակիչ ժպիտներով։
Երկրորդ նիստին մասնակցեցան Մեսրոպեան վարժարանի աւագ դասարաններու աշակերտներն ու Մեսրոպեան բարձրագոյն արհեստագիտական գոլէճի ուսանողները։ Խաղերը, երաժշտութիւնն ու ընկերային զանազան զբաղումները անոնց առիթ ընծայեցին նոր ուսումնական տարեշրջանը սկսելու բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառութեամբ։
Տօնակատարութեան միացան նաեւ ուսուցիչները, կրթական անձնակազմի անդամներն ու ծնողները, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ աւելի եւս աշխուժացուցին օրուան տօնական մթնոլորտը։ Այսպիսով, փառատօնը վերածուեցաւ Մեսրոպեան կրթական ամբողջ համայնքը համախմբող ուրախ առիթի մը՝ միաւորելով աշակերտներուն խանդավառութիւնը, ծնողներուն գոհունակութիւնն ու մանկավարժներուն քաջալերանքը։
Մեսրոպեանի մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած այս փառատօնը վերահաստատեց այն համոզումը, թէ դպրոցը միայն գիտելիքներու փոխանցման վայր մը չէ, այլեւ կրթական համայնք մը, ուր կը զարգանան բարեկամութիւնը, միասնականութիւնը, ստեղծագործական ոգին եւ ուրախութիւնը։


