ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կոչ ըրած է կառավարութիւններուն՝ վերանայելու իրենց ֆինանսական առաջնահերթութիւնները եւ աւելցնելու բնութեան պահպանութեան ուղղուած ներդրումները։ Անոր համաձայն՝ բնութեան պահպանութեան համար ծախսուած իւրաքանչիւր տոլարին դիմաց 30 տոլար կը յատկացուի բնութեան քայքայման։
«2023-ին 7,3 թրիլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուած է բնութեան համար բացասական հետեւանքներ ունեցող գործունէութիւններու։ Բոլոր ոլորտները նպաստած են աղտոտման, գիւղատնտեսութիւնը՝ հողերու քայքայման, մինչդեռ հանածոյ վառելանիւթերու նպաստաւորումը ինքնասպանութիւն է, որովհետեւ այն կը քայքայէ մեր մոլորակը եւ կենսաբազմազանութեան կորուստի հիմնական պատճառներէն մէկն է», յայտարարած է Կութերեշ։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրի անդամ երկիրներու 17-րդ համաժողովի (COP17) շրջածիրէն ներս գումարուած առաջնորդներու գագաթնաժողովին ընթացքին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Երեւանեան հռչակագիրը։ Ան նշած է, որ անիկա կը նպաստէ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան հարցերը պետական որոշումներու, քաղաքականութիւններու, պիւտճէներու եւ կանոնակարգումներու մէջ ներառելուն։
COP17-ի շրջածիրէն ներս, առաջնորդներու գագաթնաժողովի ընթացքին, նախատեսուած էր ընդունիլ քաղաքական հռչակագիր՝ «Yerevan Call for Action» խորագիրով։ Այն կը վերահաստատէ կենսաբազմազանութեան դերը կայուն զարգացման, պարենային ապահովութեան եւ կլիմայական դիմակայունութեան ապահովման գործին մէջ։
Կութերեշ նշած է, որ մինչեւ 2030 թուականը կենսաբազմազանութեան պահպանութեան, կլիմայի եւ հողերու վերականգնման համաշխարհային նպատակներուն հասնելու համար անհրաժեշտ է բնութեան վրայ հիմնուած լուծումներուն ուղղուած տարեկան ներդրումները հասցնել 530 միլիառ տոլարի։
Անոր խռսքով՝ այս գումարը համաշխարհային համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) շուրջ կէս տոկոսն է եւ անհրաժեշտ է ֆինանսաւորումը ապահովելու համար կառավարութիւնները գործակցին մասնաւոր հատուածին, քաղաքացիական հասարակութեան եւ միջազգային զարգացման դրամատուներուն հետ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաձայն՝ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան համար անհրաժեշտ է ոչ միայն աւելցնել ֆինանսաւորումը, այլեւ փոխել այն քաղաքականութիւնները, որոնք վնաս կը հասցնեն բնութեան։ Ան ընդգծած է կայուն եւ վերականգնողական գիւղատնտեսութեան, շրջանառու տնտեսութեան, թափօններու նուազեցման, թափանցիկութեան եւ տուեալներու հրապարակման կարեւորութիւնը։
Կութերեշ անդրադարձած է նաեւ վերականգնուող ուժանիւթի դերին՝ ընդգծելով, որ 2010 թուականէն ի վեր արեւային ուժանիւթի արժէքը նուազած է 90 տոկոսով, մինչդեռ մաքուր ուժանիւթի ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրումները գրեթէ կրկնապատկուած են՝ հանածոյ վառելանիւթերու ոլորտին մէջ կատարուած ներդրումներուն համեմատութեամբ։
Ան ողջունած է Երեւանեան հռչակագիրը՝ զայն նկատելով բնութեան պահպանութեան հարցերը պետական որոշումներու, քաղաքականութիւններու, պիւտճէներու եւ կանոնակարգումներու մէջ ներառելու կարեւոր քայլ։