Թրքական լրատուամիջոցները անդրադարձած են հայ հասարակութեան քաջ յայտնի թուրք գրող Օրհան Փամուքի ամուսնութեան թեմային: Բայց աւելի շատ շեշտած են այն հանգամանքը, որ Փամուքը ժամանակին զուիցերիական «Das Magazin» ամսագրին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած էր, որ թուրքերը 1 միլիոն հայ կոտորած են:
«Ու անկէ յետոյ անոր շնորհուած է Նոպէլեան մրցանակ», կը գրէ «Yeni Cag» թերթի ելեկտրոնային կայքը:
Նշենք, որ Փամուքը 2006-ին է արժանացած է Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի աւելի քան 50 լեզուներով, այդ շարքին նաեւ հայերէն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայանական շրջանակները Օրհան Փամուքին թշնամաբար կը վերաբերին, քանի որ ան խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` մեղադրելով թուրքերը 1 միլիոն հայ եւ 30 հազար քիւրտ կոտորելու մէջ: