image

Թուրք նախարարին յոխորտանքը «Մենք այլեւս չենք տեղաւորուիր մեր սահմաններուն մէջ»

Թուրք նախարարին յոխորտանքը «Մենք այլեւս չենք տեղաւորուիր մեր սահմաններուն մէջ»

Թուրքիան այլեւս չի տեղաւորիր իր սահմաններուն մէջ, անոր ազդեցութեան գօտին ու շահերը դուրս կու գան սեփական սահմաններէն. այս մասին, TRT-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը:

«Թուրքիան երկիր մըն է, որ այլեւս չի տեղաւորուիր իր սահմաններուն մէջ: Մեր ծայրերէն մէկը Սոմալիի մէջ է, միւսը՝ Ատրպէյճանի»,- ըսած է ան։

Ան վստահեցուցած է, որ Թուրքիան մտադիր է հնարաւորություններ ստեղծել եղբայրական ժողովուրդներու համար։

«Մենք պէտք է բոլոր պայմանները ստեղծենք մեր եղբայրներու հետ շփման համար»,- ըսած է ան։

 

Թուրքիան կը լքէ Ղարաբաղի մէջ մշտադիտարկման կեդրոնը

Թուրքիան կը հեռանայ բռնագրաւուած Արցախի մէջ՝ Ակնայի մէջ, ռուս-թրքական համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնէն. այս մասին, TRT-ի հաղորդմամբ, յայտնած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը՝ մեկնաբանելով կեդրոնի փակումը:

«Թուրքիան կը լքէ Ղարաբաղի մէջ մշտադիտարկման կեդրոնը՝ այն փակելու վերաբերեալ Ռուսիոյ Դաշնութեան որոշումէն ետք»,-ըսած է ան։

Ապրիլ 26-ին հաղորդուած էր, որ  Ակնայի շրջանի մէջ տեղի ունեցած է ռուս-թրքական համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Կեդրոնի բացումը տեղի ունեցած էր 2021 թուականի յունուար 30-ին։