Շնորհաւոր Հայաստանի Անկախութեան 35-ամեակը։
Շնորհաւոր բոլորիս։
Եւ թող մեր անկախութիւնը մնայ ոչ միայն անցեալի մեծ երազը, այլ՝ ապագայի ամենամեծ պատասխանատուութիւնը։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Մեզի բոլորիս, առանց խտրութեան, առանց անտեսումի, պէտք է ըսեմ՝ շնորհաւոր։
Բոլորս իրարու պէտք է ըսենք՝ շնորհաւոր։
Ես այն սերունդէն եմ, որ անկախութեան մասին միայն գրքերու մէջ չկարդաց։
Մենք երազեցինք անկախութեան մասին, սպասեցինք, ապրեցանք անոր ծնունդը եւ տեսանք նաեւ այն ծանր տարիները, որոնք եկան անկախութեան ետին՝ պատերազմ, մութ ու ցուրտ, աղքատութիւն, արտագաղթ, կորուստներ ու անորոշութիւն։
Բայց այդ բոլորին մէջ մէկ բան չփոխուեցաւ՝ Հայաստանը մնաց մերը եւ մնաց կանգուն։
35 տարի անցած է։
Եւ այսօր անկախութիւնը ինծի համար այլեւս միայն այն գեղեցիկ երազը չէ, որ ժամանակին ունէինք։
Անիկա դարձած է պարտք։
Պարտք՝ մեր զաւակներուն հանդէպ։
Պարտք՝ անոնց հանդէպ, որոնք զոհուեցան։
Պարտք՝ անոնց հանդէպ, որոնք անկախ Հայաստան մը երազեցին, բայց չհասան անոր։
Եւ թերեւս այսօրուան ամենադժուար հարցը սա է՝ մենք ի՞նչ Հայաստան պիտի փոխանցենք մեզմէ ետք եկող սերունդին։
21 Սեպտեմբերը ես այսպէս կ՚ընկալեմ։
Ոչ միայն որպէս տօն։
Այլ՝ որպէս յիշեցում, որ երբ երազ մը իրականութիւն կը դառնայ, անիկա այլեւս միայն ուրախութեան համար չէ։
Այդ պահէն սկսեալ կը սկսի զայն պահելու, պահպանելու եւ աւելի ամուր դարձնելու պատասխանատուութիւնը։
Շնորհաւոր Հայաստանի Անկախութեան 35-ամեակը։
Շնորհաւոր բոլորիս։
Եւ թող մեր անկախութիւնը մնայ ոչ միայն անցեալի մեծ երազը, այլ՝ ապագայի ամենամեծ պատասխանատուութիւնը։