image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք հեղինակը Փարամազի հետքերով ... Ժընեւի մէջ

Թուրք հեղինակը  Փարամազի  հետքերով ... Ժընեւի  մէջ

Հայկական շրջանակներուն իր աշխատութիւններով ծանօթ Թուրք մտաւորական Քատիր Աքըն այցելութիւն տուած է Ժընեւ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Տ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ թրքական կուսակցութիւններու հրաւէրով Զուիցերիոյ տարբեր քաղաքներ այցելող Աքըն փափաք յայտնած է Ժընեւի մէջ հանդիպիլ քահանայ Տէր Հօր եւ մօտէն ծանօթանալ Փարամազի եւ 1880-ական թուականներու հայ յեղափոխականներու մասին վերջինիս ունեցած պատմական արժէք ներկայացնող թղթածրարին:

Նշենք, որ երկու մտաւորականները կարեւոր ներդրում ունին այդ շրջանի  հայ յեղափոխական շարժումին մասին, իրենց կատարած մենագրութիւններով լոյս սփռելու մէջ:

Մինչ Աբէլ Քհնյ. գրած է ծաւալուն ուսումնասրութիւն մը նուիրուած ՍԴՀԿ կուսակցութեան ծննդոցին մասին, անդին Քատիր Աքըն ծաւալուն աշխատութիւն մը ձօնած է Հնչակեան  յայտնի գործիչ Փարամազին:

 Աքընի հրապարակած մենագրութիւնը ցարդ լոյս տեսած է թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով եւ այս առումով է նաեւ, որ Տ. Աբէլ Քհնյ. շահեկան համարած է գիրքը տպագրել նաեւ հայերէնով:

Գաղտնիք չէ, որ թուրք յառաջդիմական շրջանակներուն մօտ յատկապէս անցնող հինգ տարիներուն  Հնչակեան գործիչ՝ Փարամազի գործունէութիւնը դարձած է ուսումանսիրութեան առարկայ եւ ինքը գործիչը, իր գաղափարներով ու մօտեցումներով եղած է ներշնչման աղբիւր:

Յիշեցնենք, որ քրտական ջոկատներու շարքերէն կռուող ֆետայի մը (աւելի ուշ զոհուած), որ մասնակցած է Քոպանիի (Արաբունար- Այն Արապ մէջ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ եղած մարտերուն ինքզինք մկրտած էր Փարամազ անունով: