Օրերս Ժընեւի մէջ յառաջացեալ տարիքին իր մահկանացուն կնքած է հանրայայտ Ազգային Բարերար Վարդան Սըրմաքէշի մայրիկը՝ Սօնա Սըրմաքէշը։
Ասոր մասին «Արեւելք»ն իմացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականէն։
Ստորեւ մեր ընթերցողաց կը ներկայացնենք այդ առթիւ թերթին կողմէ կատարուած հրապարակումը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ, սփիւռքեան շրջանակներու այնքան համակրելի եւ սիրելի դէմքերէն՝ Տիկին Սոնա Սըրմաքէշը։
Յառաջացած տարիքի բերումով առողջական խնդիրներէ կը տառապէր հանգուցեալը, որ վերջին օրերուն անկումի մը հետեւանքով դժբախտաբար հիւանդանոց փոխադրուած էր եւ այնտեղ յառաջացած բարդութիւններուն հետեւանքով աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիներն ու ամբողջ բարեկամական շրջանակը։ Սփիւռքեան երէց սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր հանգուցեալը, որ տասնամեակներ շարունակ՝ որպէս գորովագութ մայր հովանաւորած էր իր ընտանիքը, անսահման սիրով պարուրած էր իր հարազատները եւ անոր նուիրական շուքին տակ պահպանուած ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը արդէն վերածուած էր հայապահպանութեան գործօնի մը։ Սօնա Սըրմաքէշ այնքան մեծ համակրանքի եւ անվերապահ յարգանքի արժանացած, ազնուական հայուհի մըն էր, որ Պոլիսէն Ժընեւ հաստատուելէ վերջ միշտ շարունակած էր մարմնաւորել նահապետական հայկական ընտանիքի մօր կերպարը։ Իր հոգելոյս ամուսնոյն՝ Նազարէթ Սըրմաքէշի հետ երկար տարիներ եղած էին Զուիցերիոյ հայ համայնքի մղիչ ուժերէն։
Սօնա Սըրմաքէշ մայրն է սփիւռքահայ յայտնի գործարար եւ ազգային բարերար Վարդան Սըրմաքէշի։ Իր դուստրը՝ Աղաւնի Սըրմաքէշ եւս զուիցերահայ գաղութէն ներս յայտնի դէմք մըն է՝ ստանձնած ըլլալով զանազան վարչային պատասխանատուութիւններ, ինչ որ տրամաբանական շարունակութիւնը կը նկատուի Սըրմաքէշ ընտանիքի աւանդութիւններուն ու վայելած բարի համբաւին։
Սօնա Սըրմաքէշի կորուստով ոչ միայն իր ընտանիքը, այլեւ ամբողջ բարեկամական շրջանակն ու իր սիրելիները կը զրկուին անոր հեզահամբոյր նկարագիրէն եւ բոլորին նկատմամբ տածած մարդկային այնքան ջերմ վերաբերմունքէն։ Արդարեւ, իր նկարագիրը համազօր էր մարդկային առաքինութիւններու բարձրակէտի մը, ինչ որ մերօրեայ աշխարհին մէջ իսկապէս բացառութիւն դարձած է։
Այս տխուր առթիւ բիւր յարգանքով կը խոնարհինք Սօնա Սըրմաքէշի անթառամ յիշատակին առջեւ՝ աղօթելով իր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։
Սուգի ծանր պահուն մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն՝ Տէր եւ Տիկին Վարդան-Անի Սըրմաքէշ ամոլին, Տիկին Աղաւնի Սըրմաքէշին, թոռներով եւ ծոռներով հանդերձ։ Մեր ցաւակցութիւնները նաեւ հանգուցեալի եղբօր՝ պոլսահայութեան այնքան սիրելի Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Անի Քիւրտեան ամոլին, ինչպէս նաեւ զուիցերահայ համայնքի տիրական դէմքերէն՝ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Յակոբ-Շամիրամ Աւագեաններուն, նաեւ Տիկին Արփի Պաղտասարեանին եւ համայն պարագաներուն։