image

ՀՀ Անկախութեան հակոտնեայ հետքերով. երգեր ու վէրքեր, ալիքներ ու ծալքեր

ՀՀ Անկախութեան հակոտնեայ հետքերով. երգեր ու վէրքեր, ալիքներ ու ծալքեր

Եթէ անկախութիւնն է, որ այս «երկրաշարժային ահուդող»ը պատճառեց հայութեան, արդեօք ժամանակը չէ՞, նոր ոճով եւ եղանակով, դիտարկումներով ու դատումներով զայն վերարժեւորել ու վերահիմնաւորել, որպէսզի ան փուլ չգայ, չսայթաքի ու չփճանայ…:

Միթէ կա՞յ լսող ու զգաստացող, մինչեւ հիմա, ցաւ ի սիրտ, նման նախանշաններ չտեսնուեցան, ոչ ալ զգացուեցան, սակայն, մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր այս տատանումները, ճօճանքներն ու տարուբերութիւնները, երբ հիւծախտը սկսած է մաշեցնել ու լլկել հայու հոգին ու խիղճը…:

 

 

 

Մեր Դիտարկումով ու Դատումով

Վստահաբար, ամէն հայ, ո՛ւր ալ գտնուի, ապրի կամ բնակի, խորապէս մտահոգ է, անհանգիստ է, իր ժողովուրդին ու մանաւանդ հայրենիքին վիճակով ու ճակատագիրով:

Անկախութենէն ասդին, հայրենաբնակը թէ արցախաբնակը չկրցաւ ունենալ հեզասահ ու կայուն ընթացք մը, ի վիճակի չեղաւ վայելել հանդարտ ու խաղաղ կեանք մը, ոչ ալ համակերպեցաւ տիրող իրարայաջորդ փշոտ անցուդարձերուն:

Անկախութեան առաջին նախագահ՝ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի օրով, ամէն ինչ նորութիւն էր, բոլորովին տարբեր իրավիճակ կը պարզէին երկիրն ու ժողովուրդը, քանի որ՝ ոչ գործող իշխանութիւնը կրնար արագ լուծումներով շարժիլ, ոչ ալ բնակիչներուն համար «յանկարծական» այդ կեանքը կրնար ընդհուպ հարազատ դառնալ:

Առաջին ութը տարին, հետեւաբար, սուղ ու դժուարին փորձադաշտ մըն էր, ստուգատեսելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է աճող մարտահրաւէրները դիմագրաւել՝ դուրս գալու համար թնճուկաւոր մթնոլորտէն ու գտնելու համեմատաբար, ընդունելի ու տանելի կարգավիճակ, սակայն մէկ կողմէն՝ յամեցող տագնապները, իրենց զանազան տխուր դրսեւորումներով, միւս կողմէն՝ ժողովուրդին «պարտադրեալ» բարոյական ու հոգեբանական անկումները, պատճառ դարձան տեղաշարժերու, մակընթացութիւններու կամ ընկրկումներու յաջորդական ալիքներու:

Երկրորդ նախագահ՝ ՌՈՊԵՐ ՔՈՉԱՐԵԱՆի ժամանակաշրջանը, յարաբերաբար, սկիզբը աւելի համակերպելի էր, որովհետեւ հասարակութիւնը, նախ՝ հետզհետէ փորձած էր յարմարիլ անկախութեան գործընթացին, ապա՝ որոշ տնտեսական ու կառուցողական երեւոյթներ ու դրոյթներ, յուսալի պայմաններ ստեղծելու առիթներ ներշնչած էին:

Սակայն, Քոչարեանի նախագահութեան շրջանը կամաց-կամաց ինքզինք զգացնել տուաւ որպէս միայնակ «ինքնիշխանութեան» տխրահռչակութիւն մը, երբ՝ բռնատիրական, բացարձակատիրական, հալածապաշտական, պատժելիական, ճնշատիրական ու սպառնական մոլուցքները, անվարանօրէն բացայայտ դարձան:

Կատարեալ ամբարտաւանական ու ցուցամոլական վարքագիծերը, առաւել ժողովուրդին տարրական իրաւունքները չյարգելու, այլեւ՝ վարկաբեկելու եւ արժեզրկելու բրտութիւնները (օրինակ՝ իրենց բնակարաններէն եւ աշխատանոցններէն բռնի տեղահանութիւնները) այնքան յաճախակի դարձան, որ շատեր հիասթափուած ու պատրանաթափուած, սկսան լքել հայրենիքը, մինչ, ան՝ փոխանակ սթափելու ու վերատեսութեան ենթարկելու իր անտաշ նկարագիրը, հեգնական անտարբերութիւն ցուցաբերեց, յոխորտալով որ ուզողը թող հեռանայ, իրեն համար կէս միլիոննոց հայրենիք մը բաւարար է…պանդոկային տրամաբանութեամբ:

Աւելի ահաւորը այն էր, որ նախագահին «քիթին» առջեւ, տեղի ունեցաւ չտեսնուած եւ աննախընթաց սպանդը՝ Ազգային Ժողովին վրայ յարձակումով, սպաննելով ութը պետական աւագանիներ, եւ բազմաթիւ նման խորհրդաւոր ոճիրներ, որոնց հեղինակները մինչեւ հիմա լրիւ բացայայտուած եւ պատժուած չեն: Իսկ ինքը՝ դերակատար-«մայսթրօ»ն, առանց ժպրհելու, մնաց իր անբարոյ դիրքին մէջ, ի հեճուկս հայրենի ժողվոուրդին… արժանապատուութեան ոտնակոխութեան:

Երրորդ նախագահ՝ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆը, եղաւ այն մռայլ դէմքը, որ, սակայն, ինքնայատուկ բռնատէր մըն էր, իր կուսակցութիւնը կազմելով, անոր անդամներուն մեծամասնութիւնը պետական ցանցերուն մէջ պաշտօնակոչելով, այն անգիր պայմանաւորուածութեամբ, որ անոնք միայն իրեն կը ծառայեն:

Թէեւ ան իր նախորդին չարագործութիւններուն ու ծայրայեղութիւններուն մէջ, նուազ չափանիշներով հանդէս եկաւ, աւելի «ճկուն» դուրս գալով, քանի՝ իր նախագահութեան գործունէութեան բոլոր բանալիները իր մօտ պահ դրած էր, նոյնիսկ իւրայիններէն հեռու պահելով, բայց, միշտ իր «վստահելի»ներով իր շահերը ապահովելով, իր գործարքները ճշդելով, այնքան ատեն որ՝ օգտուողը ու շահողը ինք պիտի ըլլայ, առանց լուրջ ու հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերելու ժողովուրդին կարիքներուն նկամտամ:

Արտագաղթը, եթէ ոչ իր նախորդին չափ, բայց, իր շրջանին ալ մեծ թափ ստացաւ, առանց փորձելու զայն սանձել, կրճատել, նուազեցնել կամ բարւօք պայմաններ փնտռելով եւ որդեգրելով, այդ արտահոսքին առաջքը առնելու:

Սարգսեանի նախագահութեան շրջանին, ամենէն մեծ ու գնահատելի նախաձեռնութիւնը (իմ համեստ կարծիքով), Սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւնն էր, յանձինն երախտաշատ, գործունեայ ու հեղինակաւոր Հրանոյշ Յակոբեանի նշանակումին, որ, հակառակ դժուարին պայմաններուն, նաեւ՝ արուեստական ու խոչընդոտային արգելքներու, յաջողեցաւ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներուն տալ կենդանութիւն եւ աշխուժութիւն, անմիջականութիւն ու մօտիկութիւն, ինչ որ Սարգսեանի նախագահութեան շրջանին համար, եղաւ, իրօք, բարենշական աչքառու արտայայտութիւն մը:

Այդուհանդերձ, Պրն. Սարգսեանը, իր զանազան մասնակցութիւններով, գործունէութիւններով ու ներգործութիւններով, չկրցաւ համակերպող ներկայութիւն մը դառնալ իշխանութեան աւագանիին մէջ, պարզապէս անոր համար, որ միշտ ալ «գերին» դարձաւ իր եսականութեան եւ անձնակեդրնութեան նկրտումներուն, որոնք եթէ ինչ որ տեղ (՞) բարացուցական էին, բայց, շատ մը տեղերու ալ՝ անհանդուրժողական:

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆը, անկախութեան կալուածին մէջ մուտք գործեց, ոչ թէ իբրեւ նախագահ (զայն որոշապէս նկատելով… անբաւարար իշխանութիւն), այլ՝ վարչապետական թեկնածու, որ ԳՈՐԾԱԴԻՐ իշխանութեան գագաթնակէտային բարձունքն է, հիմնուելով Ազգային Սահմանադրութեան օրինական տրամաբարութեան վրայ:

Քայլարշաւով, տաւուլ-զուռնայով, դուխով, ուսապարկով, մուտք գործեց կառավարութեան լայն դռնէն ներս, համաժողովրդային տօնախմբութեամբ բազմելով «թաւշեայ» բազմաթոռին վրայ:

Ո՜րքան ակնկալութիւններ ունէր ժողովուրդը Նիկոլին այս «ներխուժումէն ու տեղաւորումէն», զզուած ըլլալով «նախկին»ներուն գործած աւերներէն, աղէտներէն, անիրաւութիւններէն, նողկանքներէն եւ անարդարութիւններէն, ուստի, գրկաբաց ընդունեց զինք, յուսալով որ՝ ամէն ինչ կը փոխուի դէպի լաւը եւ անաչառը, կը պատժուին յանցագործները, կը հետապնդուին թալանչիները, հայրենիքը կը գտնէ իր իսկական հունը, կը կազմակերպուի գործնական երթը անկախութեան, մէկ խօսքով՝ այն ամէն ինչը որուն կարօտն ու երազանքը ունէր ժողովուրդը, ի նպաստ.

- Հայրենակերտութեան

- Հայապաշտպանութեան

- Հայերգութեան

- Հայածաղկութեան

- Հայախմբութեան

Եթէ որոշակի շրջագիծերէ ներս, կատարուեցան փոփոխութիւններ, բարեկարգումներ ու տնօրինումներ, իրենց շօշափելի կամ կիսաշօշափելի հետեւանքներով, սակայն, Նիկոլեան իշխանութեան ու ժողովրդային խաւերուն «հաշիւ»ները միշտ չէ որ նոյնացան կամ համընկնեցան:

Դժբախտաբար, ընդդիմադիրական ապիկարութիւնները, իրենց անշնորհքութեամբ, անկազմակերպուածութեամբ եւ անկարգապահութեամբ, աւելի խորացուցին եւ աղաւաղեցին դէպի համատեղութիւն ու համախոհութիւն ընթանալու ուղիները:

                                              ***

Անկախաբգար, այսօրուան հակոտնեայ գոյավիճակէն, անհրաժեշտ է ներքին իրադարձութիւններու լոյսէն դուրս անդրադառնալ այն արտաքին հոլովոյթներուն, որոնք առընչուած են Հայաստանի աշխարհաքաղաքական համայնապտեկրին հետ, ուր ան կը գրաւէ հիմնայատուկ փափուկ դեր մը, որպէս Հարաւային Կովկասէն անբաժան գլխաւոր շերտ մը:

Տարածաշրջան մը, ուր՝ Ռուսիոյ դաշնութեան կողքին (բայց, ոչ նոյն ուժգնութեամբ), կան Իրանը, Թուրքիան, Ատրպէյճանը (միջնորդաբար՝ նաեւ Իսրայէլը), որոնք բոլորն ալ «նախանձախնդիր» ու «մասնակից» են զայն իրենց հովանիին տակ առնելու (գէթ օգտուելու), որուն համար, բարեկամական թէ դաշնակցային կարգախօներով, կը փորձեն իրենց դիրքերը զօրացնելու կամ ամրացնելու կարելիութիւններուն:

Խիստ հանգուցաւոր կացութավիճակ մը, որուն ճանկերուն մէջ ինկած է Հայաստանը, որմէ դուրս գալու միակ ելքը կամ՝ Նիկոլական ընտրանքը, անոնցմէ ոմանց կառչիլն է, ըստ իր դատողութեան, Հայաստանը «փրկելու», որպէսզի «Արցախեան պատմութիւն»ը իբր թէ չկրկնուի:

Թէ ո՞րքանով ճիշդ է Նիկոլը իր դատումներուն մէջ եւ ո՞րքանով եւ ինչպէ՞ս կրնայ փրկել Հայաստանը, կը մնայ քաղաքական քննարկումներու ու վերլուծումներու համապարփակութեան ծիրէն ներս, սակայն, ոչ այն ոճով, որուն մէջ մխրճուած է ան, ինքզինք նկատելով ՄԻԱՆՇԱՆԱԿ ու ՄԻԱՆՁՆԵԱՅ դէմք մը:

Ահաւասիկ հոս է որ Նիկոլիզմը կը գտնուի «բան մը գիտէ»ի ու «բան մը չգիտնալու»ի արանքներուն մէջ, այլ խօսքով.

- Ի՞նչ գիտէ, որ իր ժողովուրդէն գաղտնի կը պահէ

- Ի՞նչ չի գիտեր, որմէ կը փորձէ խուսափիլ

Հարցումնե՛ր - հարցումնե՜ր, որոնք ինքզինքնին կը պարտադրեն գէթ ցարդ առանց համոզիչ պատասխաններու, բացի մշուշոտ խարխափումներու մէջ սուզուելէն, երբ երկիրը ամէն օր կը մխայ ու կը ծփայ, անորոշութեան մատնելով ԱՄԲՈՂՋ իրականութիւն մը, իր ներքին եւ արտաքին հատուածներով, անդին զգալով անոնց խամրելու դատապարտուած տժգոյն երանգները:

Ի տես խարխափեալ ու կոտորակեալ այս խառնաճաղանչին, տեղին չէ՞ հարց տալ, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է դիմանալ այս անհանդուրժելի վերիվայրումներուն, երկիր-հայրենիքը թօթափելով իր իսկական էութենէն եւ հարազատ ինքնութենէն:

Եթէ անկախութիւնն է, որ այս «երկրաշարժային ահուդող»ը պատճառեց հայութեան, արդեօք ժամանակը չէ՞, նոր ոճով եւ եղանակով, դիտարկումներով ու դատումներով զայն վերարժեւորել ու վերահիմնաւորել, որպէսզի ան փուլ չգայ, չսայթաքի ու չփճանայ…:

Միթէ կա՞յ լսող ու զգաստացող, մինչեւ հիմա, ցաւ ի սիրտ, նման նախանշաններ չտեսնուեցան, ոչ ալ զգացուեցան, սակայն, մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր այս տատանումները, ճօճանքներն ու տարուբերութիւնները, երբ հիւծախտը սկսած է մաշեցնել ու լլկել հայու հոգին ու խիղճը…:

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)