image

Թունուզի մէջ նոր տագնապ. Խորհրդարանը լուծարելէ ետք, նախագահը կը բացառէ կանխահաս ընտրութիւնները

Թունուզի մէջ նոր տագնապ. Խորհրդարանը լուծարելէ ետք, նախագահը կը բացառէ կանխահաս ընտրութիւնները

Թունուզի նախագահ Քայս Սըհայէտ վարչապետ Նաժլա Պուտընի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի չունենան յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին:

Սըհայէտ յաւելեց. «Երէկ խօսեցան ընտրութիւններու 3 ամսուայ մասին` համաձայն 89-րդ յօդուածի (սահմանադրութեան), ես չեմ գիտեր, թէ ուրկէ անոնք բերած են այդ օրէնքը»: 

Սըհայէտ աւելի վաղ ըսած էր, որ յանձնաժողով պիտի ձեւաւորէ Սահմանադրութիւնը վերաշարադրելու համար, որ հանրաքուէի պիտի դրուի Յուլիսին, իսկ յետոյ Դեկտեմբերին պիտի կայացնէ խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Միաժամանակ, Ազատ սահմանադրական կուսակցութեան ղեկավար Ապիր Մուսան ըսած է. «Սըհայէտը սահմանադրութեամբ այլ ընտրութիւն չունի, եւ ան պէտք է ընտրութիւններ հրաւիրէ 3 ամսուայ ընթացքին»:

Իր հերթին, «Ալ Նահտա» շարժման ղեկավար Ռաշիտ Ղաննուշին ըսած է, որ «շարժումը կը մերժէ Սըհայէտի կողմէ խորհրդարանը ցրելու քայլը եւ պիտի պոյքոթէ օրեւէ հանրաքուէ, որ կոչ կ'ընէ միակողմանիօրէն վերակառուցելու քաղաքական համակարգը»:

Միւս կողմէ, Թունուզի Ընդհանուր աշխատաւորական միութիւնը ողջունեց խորհրդարանի լուծարումը, ըսելով. «Կարիք չկայ գործերը սառած խորհրդարանը շարունակելու»: