image

Թրքական ծագման ապրանքներու ներկրման արգելքը վերացուած

Թրքական ծագման ապրանքներու ներկրման արգելքը վերացուած

44-օրեայ պատերազմին ժամանակ՝ անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին, կառավարութեան որոշմամբ անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր 31-էն սկսեալ արգիլուեցաւ թրքական ծագմամբ ապրանքներ ներկրել Հայաստան՝ «հաշուի առնելով քանիցս հաստատուած փաստերը, ըստ որոնց, Թուրքիան բացայայտօրէն կ'աջակցի ու կը սատարէ Ատրպէյճանի կողմէ՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական եւ ահաբեկչական գործողութիւնները»։

Արգելքը սահմանուեցաւ կէս տարիով։ Այնուհետեւ Յունիսին երկարաձգուեցաւ եւս կէս տարիով, որու ժամկէտը կ'աւարտի այսօր։

Կառավարութեան այս տարուայ վերջին նիստին արգելքը երկարաձգելու որոշման նախագիծ չկար, ինչ որ կը նշանակէ, որ մէկ տարիէ գործող արգելքը Յունուար 1-էն այլեւս պիտի չգործէ։

Տնտեսութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` տեղեկացնելով որ միջգերատեսչական քննարկումներով որոշում կայացուած է չերկարաձգել թրքական ապրանքներու ներմուծման արգելքը: Ըստ այդմ, փոխադարձ սկզբունքով կ'ակնկալուի, որ հայկական ապրանքներու արտահանման համար կը ստեղծուին աւելի բարենպաստ պայմաններ։

Նախարարութեան հաղորդմամբ` վերջին մէկ տարուայ ընթացքին թրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելքը ունեցած է դրական եւ բացասական տնտեսական հետեւանքներ։ «Քիչ չեն նաեւ մեր գործարարներուն կողմէ դիմումներն ու խնդրանքները թրքական ապրանքներու ներմուծման վրայ եղած արգելանքը հանելու մասին», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։