Թրքական լիրան գրանցած է մրցանշային ցած մակարդակ։
Այս տարի թրքական արժոյթը տոլարի նկատմամբ անկում գրանցած է 16%-ով, գրած է Reuters-ը:
Դրամատուներու պատասխանատուները յայտարարած են, որ լիրայի անկումը մասամբ պայմանաւորուած է Reuters-ի հրապարակմամբ, ուր ըսուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը կորսնցուցած է վստահութիւնը կեդրոնական դրամատան ղեկավարի դրամավարկային քաղաքականութեան նկատմամբ։ Ամերիկեան արժոյթը կ'ամրապնդուի նաեւ ԱՄՆ պարտատոմսերու եկամտաբերութեան աճի ֆոնին։