«Պայրաքթարն արդէն կը թռի Ատրպէյճանի երկինքին մէջ եւ կ՚ապահովէ անոր անվտանգութիւնը»,- դեկտեմբեր 5-ին յայտարարած է Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիտ Պակչին:
Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան միաժամանակ մշակած է KIZILELMA անօդաչու թռչող սարքը, որ շուտով պիտի սկսի թռիլ Ատրպէյճանի երկնիքին մէջ։
Թուրքիոյ դեսպանը նշած է, որ Թուրքիան կ՚ընդլայնէ համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ՝ «Շուշայի հռչակագր» համաձայն: