ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը ստորագրած է պետական ֆինանսաւորման օրինագիծը՝ վերջ դնելով ԱՄՆ պատմութեան մէջ ամենաերկար «շաթտաուն»ին։
«Իմ ստորագրութեամբ դաշնային կառավարութիւնը պիտի վերականգնէ իր բնականոն գործունէութիւնը, եւ իմ վարչակազմը, Քոնկրեսի մեր գործընկերներու հետ միասին, պիտի շարունակէ աշխատիլ՝ վերականգնելու հանրային անվտանգութիւնը, զարգացնելու մեր տնտեսութիւնը եւ դարձնելու Ամերիկան կրկին հասանելի բոլոր ամերիկացիներու համար», –ըսած է Թրամփը։
Քանի մը շաբաթ տեւած «շաթտաուն»ի ընթացքին, որ սկսած էր հոկտեմբեր 1-ին, դադրեցուած էին գրեթէ բոլոր պետական ծառայութիւններու գործունէութիւնը՝ բացի առաւել կարեւորներէն։ Թրամփի ստորագրութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ դաշնային աշխատակիցներուն վերադառնալու աշխատանքի արդէն հինգշաբթի օրուընէ։
Այնուամենայնիւ, դեռ պարզ չէ, թէ որքան արագ պիտի վերականգնուին կառավարութեան բոլոր ծառայութիւններն ու գործունէութիւնը ամբողջ ծաւալով։
Կառավարական փակման աւարտը յոյս կը ներշնչէ յատկապէս երկրի օդագնացութեան ընթացակարգերու ծանրաբեռնուած ոլորտին մէջ, որ Thanksgiving-ի տօնական շրջանի (որ երկու շաբաթէն է) նախօրէին համակարգը կարողանայ վերականգնուիլ։
Չորեքշաբթի երեկոյեան Հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ օրինագծին կողմ քուէարկած է 222 օրէնսդիր՝ այդ շարքին վեց դեմոկրատ, մինչդեռ 209-ը դէմ եղած են՝ այդ շարքին երկու հանրապետական։