Նախագահ Թրամփ քանի մը ժամէն ՆԱԹՕ-էն ԱՄՆ-ի դուրս գալու հարցը պիտի քննարկէ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ռիւթէի հետ, յայտարարած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քերոլայն Լեւիթը։
Վերջերս ԱՄՆ նախագահը յայտարարած է, որ լրջօրէն կը մտածէ դաշինքէն դուրս գալու մասին, այն բանէ ետք, երբ կազմակերպութիւնը հրաժարած է օգնել Իրանի դէմ գործողութեան։