Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը պէտք է բովանդակալից ըլլայ եւ կախուած ըլլայ ուքրանական հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացէն, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։ Ան նշած է, որ հակառակ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան հնարաւոր ոլորտներուն, ուքրանական ճգնաժամը կը շարունակէ մնալ յարաբերութիւնները բարդացնող հիմնական գործօնը։
«Հանդիպում պիտի չըլլայ, քանի դեռ մենք չենք գիտեր, թէ ինչի մասին այն պիտի ըլլայ», -ըսած է Ռուպիոն լրագրող Քեթրին Հերիճի հետ հարցազրոյցին, որ հրապարակուած է X-ի իր էջին։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի ժամանակ կապերու կորուստի կապակցութեամբ։ Անոր խօսքով, նոյնիսկ «պաղ պատերազմի» տարիներուն ԽՍՀՄ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կը պահպանուէին կապի ուղիներ, որոնք այժմ գրեթէ չեն գործեր։
Մեկնաբանելով ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններու միջեւ անցած բանակցութիւնները՝ ան նշած է, որ հանդիպման տարածքային հարցեր չեն քննարկուած:
Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յայտարարած է, որ այժմ անհնար է կանխատեսել, թէ որքան ժամանակ պիտի պահանջուի Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպման նախապատրաստման համար։ Անհնար է խօսիլ ժամկէտներու մասին՝ նոյնիսկ հաշուի առնելով, որ երկու երկիրներու նախագահներն արդէն յայտնած են իրար հետ հանդիպելու իրենց պատրաստակամութիւնը, նշած է ան։