image

Թրամփ նախագահական ընտրութիւններ կը պահանջէ

Թրամփ նախագահական ընտրութիւններ կը պահանջէ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ կոչ ըրած է անյապաղ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւնները ճանչնալու կեղծուած եւ նոր ընտրութիւններ կայացնելու։ Այս մասին ան գրած է իր Truth Social ընկերային ցանցին մէջ։

«Այժմ պարզ է, որ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոն ընտրութիւններէն առաջ թաղած է Հանթըր Պայտընի նոութպուքի պատմութիւնը, քանի որ անոնք գիտէին, որ եթէ այդպէս չընէին, Թրամփ հեշտութեամբ կը յաղթէր 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն:Սա ահռելի կեղծիք է եւ մեր երկրին մէջ չտեսնուած մակարդակով միջամտութիւն ընտրութիւններուն։ Լուծումը իրական յաղթողը յայտարարելն է, կամ գոնէ 2020 թուականի ընտրութիւններն անշրջելիօրէն զիջուած յայտարարելն ու նոր ընտրութիւններ կայացնելը»,- գրած է ան։

Աւելի վաղ ամերիկեան լրատուամիջոցները բազմիցս տուեալներ հրապարակած էին նոութպուքէն, որ պատկանած է ԱՄՆ գործող նախագահ Ճօ Պայտընի որդիին։ Ներկայացուած նամակագրութենէն, որ վարած է Հանթըր Պայտընը, մասնաորապես, հետեւած է, որ ան կրնայ կազմակերպած ըլլալ ուքրանական Burisma Holdings ուժանիւթի ընկերութեան ներկայացուցըչի, որու խորհուրդի անդամ եղած է ժամանակին, հանդիպումը հօր հետ այն ժամանակ, երբ վերջինս եղած է ԱՄՆ փոխնախագահ։ Պայտըն աւագը կոչ ըրած է պաշտօնանկ ընելու Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազ Վիքթըր Շոքինը, որ հետաքննութիւն սկսած է Burisma Holdings-ի նկատմամբ։ Ամերիկեան մէկ այլ թերթ՝ The Washington Post-ը մարտին յայտնած  էր, որ Հանթըր Պայտըն, իբր, ստացած է գրեթէ 5 միլիոն տոլար չինական CEFC ուժանիւթի ընկերութենէն: