image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ Մաքրոնի հետ հանդիպման խօսուած է Զելենսքիի Ուաշինկթըն տալիք այցին մասին

Թրամփ Մաքրոնի հետ հանդիպման  խօսուած է  Զելենսքիի Ուաշինկթըն տալիք այցին մասին

«Այս կամ յաջորդ շաբաթ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կրնայ այցելել Ուաշինկթըն». յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպումէն ետք կայացած ասուլիսի ժամանակ։ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի նախագահներու հանդիպումը կայացած է փետրուար 24-ին՝ ուքրանական պատերազմի երրորդ տարելիցի օրը։

Լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան՝ Թրամփ նաեւ ըսած է, որ չի գիտեր, թէ երբ պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

«Ես չեմ գիտեր, թէ երբ մենք պիտի խօսինք, –ըսած է ան: – Ինչ-որ պահի ես պիտի հանդիպիմ նախագահ Փութինի հետ»:

Թրամփի խօսքով՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կրնայ աւարտիլ քանի մը շաբթուան ընթացքին: Ան նորէն կրկնած է, որ պատերազմը չէր սկսիր, եթէ ինքը նախագահ ըլլար:

Անդրադառնալով Փութինի մտադրութիւններուն՝ ԱՄՆ նախագահը նորէն պնդած է, որ ինքն իսկապէս կը հաւատայ՝ «Ռուսիոյ նախագահը կ՚ուզէ համաձայնութեան գալ»։

«Իմ ամբողջ կեանքը գործարքներ են», –աւելցուցած է ԱՄՆ նախագահը: Անոր խօսքով, կողմերը «ճիշդ հիմա» կ՚աշխատին խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ, եւ թէեւ ան կը գերադասէր անմիջապէս հասնիլ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագրի, բայց կրակի դադրեցումը կրնայ աւելի արագ տեղի ունենալ:

Ֆրանսայի նախագահն իր հերթին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ զինադադարը կրնայ համաձայնեցուիլ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

Ըստ միջազգային գործակալութիւններու՝ Ֆրանսայի առաջնորդն ըսած է, որ Թրամփի վերադարձը Սպիտակ տուն երկրորդ ժամկէտով «խաղի կանոններու փոփոխութիւն է»: Մաքրոնը շեշտած է անվտանգութեան երաշխիքներու անհրաժեշտութիւնը եւ նշած է, որ որեւէ համաձայնագիր պէտք է «ստուգուի եւ հաստատուի»: Մաքրոնը պատմած է Փութինի հետ իր զրոյցներու մասին՝ նշելով, որ Ռուսիոյ առաջնորդի հետ խօսիլն արժէքաւոր է, սակայն միայն ուժի դիրքէ:

Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է, որ Փութինի կողմէ խաղաղութեան համաձայնագրի պահպանման միակ երաշխիքը «ուժեղ ըլլալն է» եւ «զսպման ներուժ ունենալը»: